2015-10-26 13:53:00

Ներկայացուեցաւ` կարդինալներու եւ եպիսկոպոսներու կոչը հայող Կլիմայի պաշտպանութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ երկուշաբթի 26 հոկտեմբեր 2015-ին, ժամը 13-ին, Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ  ներկայացումը կատարուեցաւ, աշխարհի զանազան երկիներու կարդինալներու, պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու կոչին` ուղղուած Փարիզի Կլիմայական խորհրդաժողովին որուն աշխատանքները տեղի պիտի ունենան Փարիզի մէջ, նոյեմբեր 30էն մինչեւ 10 դեկտեմբեր 2015։

Նախաձեռնութիւնը ներշնչուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Laudato si'' բնապահպանութեան մասին շրջաբերական թուղթէն։

Մամլոյ ներկայացումին խօսք առին աշխարհի չորս ծագերու եպիսկոպոսական դասերու կարգ մը ներկայացուցիչներ։

Մամլոյ ելոյթէն առաջ կոչը  ստորագրեցին կարդինալ Թուրքսոն՝ նախագահը արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, կարդինալ էրտօ նախագահը եւրոպայի եպիսկոպոսական դասին եւ կարդինալ Պշարա Ռայի նախագահը Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու։

Կլիմայական յեղաշրջումին վերաբերեալ կոչին մէջ կարդինալները, պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները անդրադարձան կլիմայական փոփոխութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն յատուկ օրէն մատնանշելով Ֆրանչիսկոս Պապին գովեալ ըլլաս շրջաբերականին։ Անոնք ապա ընդգծեցին թէ ''կայուն զարգացումը պէտք է նեռարէ նաեւ աղքատները'' հուսկ կոչ ուղղեցին կառավարիչներուն որոնելու ու գտնելու պատշաճ համաձայնութիւն մը ի սպաս ''կենսոլորտի'' հոգատարութեան անոնց ներկայացնելով 10 կէտերով մէկ առաջարկ մը։

Կոչը կ՛եզրափակուի Երկիրն նուիրուած աղօթքով որուն մէջ կարդինալները, պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները Աստուծմէ կը հայցեն որ Փարիզի մէջ կայանալիք վեհաժողովին` Կառավարիչները ունկնդրեն երկրին ու աղքատներուն կոչը, ու միաձայն համապատասխանեն այդ աղաղակին փնտռելով միշտ հասարակաց բարիքը ու երկրային պարտէզի գեղեցկութեան պաշտպանութիւնը որ Աստուած ստեղծեց մեզի համար ու բոլոր մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար` սերունդէ սերունդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.